2016-08-08 12:39:00

Քահանայապետական Ինսթակրամ կայքի հետեւորդներուն թիւը` 3 միլիոն։


(Ռատիօ Վատիկան) 20 շաբաթներ ետք եւ 143 ''post''երու հրապարակումներով, Քահանայապետական @franciscus Ինսթակրամ կայքի հետեւորդներու թիւը գերազանցած է 3 միլիոնը։

Ի տարբերութիւն Քահանայապետկան Թուիթերեան կայքին որ հրատարակուած է 8 տարբեր լեզուներով,  Ինսթակրամ կայքը ունի  պաշտօնական միակ հասցէ մը` @franciscus, թէեւ այնտեղ հրատարակուած նիւթերը թարգմանուած են զանազան լեզուներով։

@franciscus կայքին հետեւորդները կարող են օր ըստ օրին հետեւիլ Քահանայապետին ձեռնարկներուն եւ գործունէութեանց այնտեղ հրապարակուած պատկերներու ընդմէջէն, որոնց շարքին ամէնէն ժողովրդականները դարձած են Ֆրանչիսկսոս Պապին նկարը ամփոփուած աղօթքի մէջ եւ երբ` հրապարակային ունկնդրութեան մը ընթացին մանուկի մը ձեռքը բռնած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.